2015-11-11 13:15:00

Սոնա Յարութիւնեանի` «Հայոց ցեղասպանութեան թեման իտալական գրականութեան մէջ» դասախօսութիւն;


ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով իրականացուած հետազօտութեան հիման վրայ Նոյեմբեր 9-10  ԵՊՀ Եղիշէ Չարենցի անուան սրահին մէջ Վենետիկի Գա’ֆոսգարի համալսարանի դասախօս Սոնա Յարութիւնեան կարդաց «Հայոց ցեղասպանութեան թեման իտալական գրականութեան մէջ» դասախօսութիւնը:

Գիրքին մէջ Վենետիկի համալսարանի փրոֆէսոր Սոնա Յարութիւնեան գրական, լեզուաբանական ու հոգեբանական տեսանկիւններէն կը վերլուծէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներու վկայութիւնները, ականատեսներու յիշողութիւններն ու Իտալիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գեղարուեստական գրականութիւնը:

 Աշխատութիւնը նաեւ կրնայ օրինակ հանդիսանալ` ուսումնասիրելու միւս երկիրներու Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գրականութեան պատկերը` դառնալով անհրաժեշտ ​​գործիք յետագայ համեմատական ​​աշխատանքի համար, որուն արդիւնքով հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի ստանալու Սփիւռքի առաւել լիարժէք պատկերը, ինչպէս նաեւ արժանի յարգանքի տուրք մատուցելու Ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.